Ծիծեռնակաբերդի լուսանկարները՝ Թուրքիոյ պաշտօնական օրացոյցի մը վրայ

By Asbarez | Thursday, 29 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>>.- Թրքական <<Ենիճաղ>> թերթի սիւնակագիր Ահմետ Թաքան անդրադարձած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած օրացոյց-գրքոյկին մէջ զետեղուած նկարներուն: Յատկանշական է, որ Ապրիլ ամսուան բաժինին մէջ կայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը անմահացնող Ծիծեռնակաբերդի նկարը:

Իր <<Անզգուշութիւ՞ն, Թէ Դաւաճանութիւն>> վերնագրուած յօդուածին մէջ, Թաքան զայրոյթը կը յայտնէ այդ առթիւ՝ նշելով, որ այդ քայլը <<յղի է լուրջ հետեւանքներով>>: Ան <<Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած (Թուրքիոյ) արտաքին գործոց նախարարութեան օրացոյցէն ետք՝ ի՞նչ կը մնայ ըսելու>> տողով եզրափակած է իր յօդուածը:


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ նկարը <<սխալմամբ>> օգտագործուած է:

 

comments