Ուրուկուէյի նախագահը շեշտած է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը

By Asbarez | Friday, 30 January 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ.- <<Արմէնփրէս>>ը, վկայակոչելով <<ՓրենսաԱրմէնիա>>ն՝ կը հաղորդէ, որ Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքա երկիրի պետական ձայնասփիւռին եւ պատկերասփիւռին միջոցով, Ողջակիզումի զոհերու յիշատակին նուիրուած իր ելոյթին մէջ խօսած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին եւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը անհրաժեշտութիւն նկատած է։


<<Մենք մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք հրեայ ժողովուրդին։ Անոնք մեր ազգի կարեւորագոյն մասերէն են։ Մենք պէտք չէ մոռնանք նաեւ հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը։ Ուրուկուէյ կը պնդէ, որ պատշաճ յարգանք ու հանդուրժողականութիւն պէտք է ըլլայ մարդկութեան դէմ գործուած բոլոր յանցանքներուն համար>>, ըսած է Մուխիքա՝ աւելցնելով, որ միայն որակաւոր կրթութիւնը եւ հանդուրժողականութեան ուղղուած մարզումները կրնան դառնալ աշխարհի մէջ խաղաղ գոյակցութեան երաշխաւորը։

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, Մուխիքա հանդիպած էր Ուրուկուէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ ընդառաջելով հայ համայնքի խնդրանքին՝ համաձայնած էր իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհել Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն:

<<Գիտեմ, որ թուրքերը պիտի նեղանան, սակայն համոզուած եմ, որ ցեղասպանութիւն է տեղի ունեցած, եւ եթէ կրնամ օգտակար ըլլալ՝ սիրով համաձայն եմ ընդունելու այդ առաջարկը>>, ըսած էր ան:

 


comments