Սկսած է գործել Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած կայքը

By Asbarez | Friday, 30 January 2015

 

30 Յունուարէն սկսաւ գործել Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նախաձեռնութիւններուն նուիրուած պաշտօնական կայքը՝ Armeniangenocide100.org-ը: Անիկա պատրաստուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին որոշումով։

Կայքը հասանելի է երեք լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: Բաղկացած է քանի մը բաժիններէ՝ Ցեղասպանութիւն, Ճանաչում, Պատմիր քո կեանքը, Նորութիւններ եւ Գրադարան:


comments