Քոպանիի մէջ Քրտական յաղթանակը Թուրքիոյ պարտութիւնն է. Ա. Զաման

By Asbarez | Monday, 02 February 2015

 

ՊՈԼԻՍ.- Թուրք յօդուածագիր Ամեպրին Զաման <<Մոնիթըր>> կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող հազարաւոր քիւրտեր Քոպանիի մէջ 133օրեայ արիւնալի ճակատամարտէն ետք, <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակը նշեցին՝ բացագանչելով <<Քոպանին ազատ է, յաջորդը Օճալանն է>>: Ան կ՛աւելցնէ. <<Սուղ գինով ապահովուած յաղթանակը, իրենց ազգային իրաւունքներուն համար քիւրտերուն մղած երկարատեւ պայքարին մէջ անկիւնադարձ մը կը նկատուի: Սակայն կարգ մը վերլուծաբաններ կ՛ըսեն, որ անմիջական յաղթականները Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնն ու անոր արգելափակեալ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանն են, իսկ պարտուողը ոչ միայն <<Իսլամական պետութիւն>>ն է, այլ նաեւ՝ Թուրքիան: Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ապահոված շահերը, պատերազմի դաշտէն անդին, կը հասնին դիւանագիտութեան դաշտ: Առաջին անգամ ըլլալով, Ուաշինկթըն բացայայտ կերպով կը համագործակցի այս կուսակցութեան հետ, հակառակ անոր, որ անիկա կը շարունակէ մնալ այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ <<ահաբեկչական>> նկատուող կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ: Քոպանիի մէջ եւ անոր շուրջ, <<Իսլամական պետութեան>> դէմ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին իրերայաջորդ օդային հարուածները ճակատամարտը շրջեցին ի նպաստ քիւրտերուն: Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յարաբերութեանց փոփոխութեան վճռորոշ պահը՝ Հոկտեմբեր 19ին ամերիկեան օդանաւերուն կողմէ պարտութեան սեմին գտնուող քրտական ուժերուն օժանդակութիւն եւ զէնքեր տրամադրելն էր: Այդ մէկը ցնցեց Թուրքիան, որ 1984էն ի վեր պայքար կը մղէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ, եւ ամրապնդեց տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան նպատակներուն հանդէպ անոր երկարատեւ կասկածները:


Դժգոհութիւնը փոխադարձ է: Ուաշինկթըն յուսախաբութիւն յայտնած է, որ Անգարա կը մերժէ արտօնել դաշնակից ուժերուն, որ ռազմական օդանաւերը հարաւային Թուրքիոյ մէջ գտնուող Ատանայի Ինճիրլիք ռազմական օդակայանը օգտագործեն: Թուրքիոյ կողմէ քիւրտ զինեալներու մատակարարման նպատակով սահմանի թրքական բաժինէն միջանցք մը բանալուն մերժումը համբերութեան բաժակը յորդեցուց: Քիւրտերուն զէնք տրամադրելու Ուաշինկթընի քայլը ստիպեց, որ Անգարա միջանցք մը բանայ, սակայն՝ միայն 150 փեշմերկաներու համար, որոնք իրենց հետ բերած հեռահաս հրետանիով սկսան աջակցելու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մէկ թեւը հանդիսացող Քրտական ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն:

Արեւմուտքցի դիւանագէտ մը յայտնեց, որ եթէ Թուրքիան քիւրտերու կողքին կանգնած ըլլար, ապա այն տեսակէտը, որ Թուրքիա Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողքին կը կանգնի, այսքա՛ն տարածուած պիտի չըլլար: Ան ըսաւ, որ. Թուրքիա չյաջողեցաւ Իրաքի մէջ քիւրտերը արգելակել, եւ անհաւանական է, որ ան այդ մէկը կարենայ ընել Սուրիոյ մէջ։ Թրքական քաղաքականութիւնը՝ եթէ ոչ քիւրտ ղեկավարները, ապա քիւրտերը միացուցած է>>:

 

comments

Advertisement