Ճեմիլ Չիչեք եւս խնդիր ունի Հայկական Սփիւռքին հետ

By Asbarez | Monday, 02 February 2015

 

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք եւ անոր ընկերակցող խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Ֆրանսայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ Թուրքիա-Ֆրանսա բարեկամական խմբակի անդամներուն հետ։ Այս հանդիպումներէն ետք, Չիչեք Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ Ֆրանսայի մէջ նախագահական վերջին ընտրութենէն ի վեր, այդ երկրին հետ հաստատուած են աւելի լաւ յարաբերութիւններ։ Չիչեք անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ՝ հայկական միութիւններու հաւաքոյթին ընթացքին հայերու ու թուրքերու ուղղուած կոչին։


Չիչեք ըսաւ. <<2015ը, Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւններու տեսակէտէն՝ կարեւոր թուական է։ Մեր հանդիպումներուն ընթացքին յայտնեցինք յարաբերութիւնները բարելաւելու մեր մաղթանքը։ Թուրքիա անշուշտ բնաւ չուրացաւ ցաւալի պատահարները։ 2005էն ի վեր կը պնդենք, որ այս խնդիրը պէտք է լուծուի պատմաբաններէ կազմուած յանձնախումբի մը կողմէ։ Թուրքիա հայ ժողովուրդին հետ խնդիր չունի, բուն խնդիրը Հայկական Սփիւռքն է, քանի որ անիկա կը շարունակէ Թուրքիան արատաւորելու իր արշաւը ու իր հակակշիռին տակ առնել կը ջանայ Հայաստանի քաղաքականութիւնը։ Կարգ մը խմբակներ, անշուշտ, դրամ կը շահին Թուրքիան արատաւորելու այս արշաւէն։ Ասիկա գրեթէ հացի խնդիր դարձած է անոնց համար>>։

<<Այս խօսքերը կրնան հարցման նշաններ ստեղծել մեր միտքին մէջ, քանի որ Չիչեք իրարմէ կը զատորոշէ սփիւռքահայութիւնն ու հայ ժողովուրդը>>, կը գրէ <<Մարմարա>>ն։

Չիչեք անդրադարձաւ նաեւ Տողու Փերինչեքի դատավարութեան ու ըսաւ. <<Հայերը այս հարցին մէջ գիտեն, թէ տկար են, այդ պատճառաւ ալ, կը ջանան խնդիրը սահեցնել դէպի քաղաքական գետին, իսկ մենք կը սպասենք, որ դատարանը այս խնդիրին նայի միայն իրաւական տեսանկիւնէ>>։

 

 


comments

Advertisement