By Asbarez | Monday, 02 February 2015
Սպանիոյ Պուրխասոթ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը Յունուար ամսուան նիստին ընթացքին վաւերացուց <<Քոմփրոմիս>> կուսակցութեան ներկայացուցած միջնորդագիրը՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելու անոր ընթացքին կատարուած մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները:
Միջնորդագիրին մէջ նշուած է. <<Այս տարի կ՛ամբողջանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, ցեղասպանութիւն մը, որ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը կը նկատուի: 1915էն 1921 ժամանակամիջոցին, ներկայի Թուրքիոյ տարածքին մէջ տեղի ունեցան հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածներ եւ արտաքսումներ, յատկապէս՝ երիտասարդ թուրքերու վարչակարգին օրով. անոնց պատճառով զոհուեցան 1.5 միլիոն հայեր, իսկ մօտաւորապէս 2 միլիոն ստիպուած եղաւ լքելու իր բնակավայրը՝ ստեղծելով հայկական մեծ Սփիւռքը>>:
Նախագիծը պիտի փոխանցուի Միսլաթայի <<Արարատ>> ընկերակցութեան, արտաքին գործոց նախարարին, Քոնկրեսին մէջ ներկայացուած կուսակցական խումբերուն, Վալենսիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցական խումբերուն, Սպանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Պուրխասոթի հասարակական կազմակերպութիւններուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ