By Asbarez | Monday, 02 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան յայտնած է, որ թուրքերու վերաբերմունքը՝ հայերու նկատմամբ, դրական փոփոխութիւններու ենթարկուած է:
Թրքական <<Հապերթուրք>>ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ Մահճուպեան՝ իբրեւ հայ, ինչ վերաբերում ունի Կալիփոլիի (Չանաքալէ) ճակատամարտի 100ամեակը Ապրիլ 24ին նշելու որոշումին հանդէպ, խորհրդականը ըսած է, որ եթէ Հայկական Հարցին վերաբերեալ ճիշդ քայլեր առնուին Ապրիլ 24էն առաջ, ապա նման նշում որեւէ խնդիր պիտի չյառաջացնէ: <<Նախորդ տարուան ցաւակցական ուղերձը ու այս տարուան Հրանդ Տինքի տարելիցին կատարուած կոչը Թուրքիան կամաց-կամաց կը դնեն նոր ճանապարհի մը վրայ>>, նշած է Մահճուպեան՝ ընդգծելով, որ անկախ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջպետական յարաբերութիւններուն եւ թուրքերու վերաբերմունքին մէջ դրական տեղաշարժ տեղի կ՛ունենայ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ