Պերմեակովը պիտի դատուի Հայաստանի մէջ գտնուող Ռուսական զինուորական դատարանին մէջ. «Ինթերֆաքս»

By Asbarez | Tuesday, 03 February 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.- Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու 7 հոգինոց ընտանիքի սպանութեան մէջ կասկածելի ռուս զինուորական ծառայող Վալերի Պերմեաքովի դատը պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի կայազօրային դատարանին մէջ։ Այս մասին տեղեկացուցած է ռուսական <<Ինթերֆաքս>> գործակալութիւնը:

Յղում կատարելով <<իրադրութեան ծանօթ աղբիւրներու>>՝ գործակալութիւնը գրած է, որ նման որոշում տրուած է Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռազմակայանի կարգավիճակին վերաբերեալ երկկողմանի համաձայնագիրի հիման վրայ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ իրաւապահները կը համակարգեն միացեալ մեղադրական եզրակացութիւն, որ պիտի հիմնուի Ռուսիոյ օրէնսդրութեան վրայ։

<<Քանի որ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանութեան գործով յարուցուած քրէական գործը միաժամանակ կը հետաքննեն թէ՛ ռուսական, թէ՛ հայկական կողմերը, որոշում տրուած է ռուսական քրէական օրէնսդրութեան հիման վրայ միասնական մեղադրական եզրակացութեան ձեւաւորման առնչութեամբ>>, նշած է <<Ինթերֆաքս>>ի զրուցակիցը։

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ դատարանին մէջ, սպանութեան գործին զուգընթաց, պիտի քննուին Պերմեաքովին ներկայացուած միւս մեղադրանքները՝ զէնքով դասալքութեան համար:

Նոյն հարցով Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան նամակով դիմած է Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազ Եուրի Չայքային՝ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանութեան գործի վարոյթը Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն փոխանցելու վերաբերեալ միջնորդութեամբ:

<<Գէորգ Կոստանեանը ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ Հայաստանի տարածքում ռուսաստանեան ռազմական բազայի գտնուելու հետ կապուած գործերով իրաւասութեան եւ փոխադարձ իրաւական օգնութեան հարցերի վերաբերեալ Համաձայնագրի 6րդ յօդուածով, Յունուարի 12ին Գիւմրի քաղաքում Հայաստանի եօթ քաղաքացիների սպանութեան դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի վարոյթը Հայաստանի իրաւապահ մարմիններին փոխանցելու վերաբերեալ միջնորդութեամբ դիմել է Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազ Ե. Չայքային>>, նշուած է գլխաւոր դատախազութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

comments