Շիֆ կը յստակացնէ Սուրիացի գաղթականներ Ամերիկա ընդունելու պայմանները

By Asbarez | Tuesday, 03 February 2015

 

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակած է՝ յստակացնելու համար սուրիացի գաղթականներ Ամերիկա ընդունելու պայմանները։

Շիֆ կը շեշտէ, թէ ամերիկեան գաղթականական օրէնքներով (USRAP)՝ միայն սահմանափակ թիւով գաղթականներու Միացեալ Նահանգներ մուտքը պիտի արտօնուի։ Այդ օրէնքներով, Հոկտեմբեր 1, 2013էն մինչեւ Սեպտեմբեր 30, 2014, Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած են 105 սուրիացի գաղթականներ, իսկ Հոկտեմբեր 1, 2013էն մինչեւ Դեկտեմբեր 31, 2014՝ 164 սուրիացի գաղթականներ։

Շիֆ կը յստակացնէ, որ ամերիկեան օրէնքներով՝ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու դիմումները չեն ընդունուիր ուղղակի գաղթականներէն, կամ Միացեալ Նահանգներ գտնուող անոնց ընտանեկան պարագաներէն եւ այլ ոչ-պետական կազմակերպութիւններէ։ Դիմումները կ՛ընդունուին միայն ՄԱԿի գաղթականական հարցերու բարձր յանձնաժողովին (UNHCR) միջոցաւ եւ անոնք պէտք է կատարուին այն երկիրին մէջ, ուր կը գտնուին գաղթականները։ Նաեւ, նման դիմումներ ձրիաբար կը կատարուին եւ ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու դիմում կատարողները պիտի կարենան մուտքի արտօնութիւն ստանալ։
Շիֆ կը յանձնարարէ այս մասին տեղեկութիւններ քաղել միայն պատասխանատու պետական մարմիններէ՝ նշելով, որ իր ընտրատարածքէն ներս ապրողները կրնան դիմել իր գրասենեակը՝ (818) 450-2900 կամ (323) 315-5555 թիւերով, ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալու համար։

ՄԱԿի գաղթականական հարցերու բարձր յանձնաժողովի (UNHCR) գրասենեակներուն մասին տեղեկութիւններ կան www.unhcr.org/pages/4a324fcc6.html կայքէջին վրայ։

 


comments

Advertisement