ԵԱՀԿի համանախագահները կը նախատեսեն հանդիպիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն. Ուորլիք

By Asbarez | Tuesday, 03 February 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք, <<Գոլոս Արմէնի>>ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները լրջօրէն անհանգիստ են Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ վերջին շաբաթներուն տեղի ունեցած բռնութիւններուն պատճառով:


Ըստ անոր՝ նման միջադէպեր ուղղակիօրէն կը վնասեն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն:
<<Մենք կը նախատեսենք շուտով այցելել տարածաշրջան եւ բոլոր կողմերուն հետ բանակցութիւններ վարել, ինչպէս նաեւ՝ նախագահներուն հետ>>, ըսած է Ուորլիք:

 

comments