Ֆրանսայի դեսպանը հաստատեց Հոլանտի մասնակցութիւնը Ապրիլ 24ի նախաձեռնութիւններուն

By Asbarez | Wednesday, 04 February 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէն 4 Փետրուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անգամ մը եւս վերահաստատեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի մասնակցութիւնը 24 Ապրիլին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Երեւանի մէջ կայանալիք նախաձեռնութիւններուն:

Դեսպանը մերժած է մեկնաբանել այդ նոյն օրը Կալիփոլի ճակատամարտին վերաբերող նախաձեռնութիւն կայացնելու Թուրքիոյ որոշումը՝ նշելով, որ ատիկա պետութեան ներքին խնդիրն է. <<Իւրաքանչիւր երկիր կ՛որոշէ, թէ ինչ ամսաթիւի յիշատակման արարողութիւն պէտք է կազմակերպէ: Ատիկա ես չեմ մեկնաբաներ: Նոյնը կ՛ըսեմ նաեւ հրաւիրեալներու ցանկին վերաբերեալ: Իւրաքանչիւր երկիր ինք կ՛որոշէ ո՛վ հրաւիրել իր կազմակերպած նախաձեռնութեան: Միակ բանը, որ կրնամ ըսել, այդ ալ շատ պարզ է՝ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ: Յունուար 28ին Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատեց իր մասնակցութիւնը, եւ այդ օրը շատ յստակ ներկայացուեցան ֆրանսական կողմի պատկերացումներն ու մօտեցումները>>:

<<Ազատութեան>> լրագրողը հարցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուելիք նախաձեռնութեան արդեօք Ֆրանսա պաշտօնական ներկայացուցիչ պիտի ղրկէ՞. դեսպանը նշած է, որ տակաւին այս գծով յստակ որոշում չկայ։

Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէն անդրադարձած է նաեւ երկկողմանի տնտեսական կապերուն: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը 50 միլիոն եուրօ կազմած է, որ, ըստ դեսպանին, շատ համեստ թիւ է: Դեսպանը համաձայն չէ գտնուած լրագրողներուն այն դիտարկման, թէ ԵՏՄին անդամակցութենէն ետք այդ թիւը պիտի նուազի:

<<Կան այնպիսի ճիւղեր, օրինակ՝ ելեկտրականութիւնը, որ լիովին ԵՏՄի ստանձնած պարտաւորութիւններու ցանկին մէջ են: Հաւանաբար այստեղ համագործակցելու կարելիութիւնները շատ չեն։ Բայց եւ այնպէս կան ճիւղեր, ուր կարելի է համագործակցութիւնը շարունակել: Ասիկա պիտի ըլլայ Ռիկայի գագաթնաժողովին քննարկուելիք նիւթերէն մէկը: Մենք պիտի փորձենք յստակ պատկերացում ունենալ, թէ որոնք պիտի ըլլան այն ոլորտները, ուր Եւրամիութիւն-Հայաստան համագործակցութիւնը կարելի պիտի ըլլայ շարունակել: Մէկ թուային օրինակ. Հայաստանի արտաքին առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու 29 տոկոսը բաժին կը հասնի Եւրամիութեան: Այսինքն՝ արտաքին առեւտուրի 1/3ը Եւրամիութեան հետ է, 2/3ը Ռուսիոյ: Այս 1/3ը անտեսելի ցուցանիշ չէ>>:

Դեսպանը նշած է, որ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով բազմաթիւ քայլեր նախատեսուած են, որոնց կարգին՝ <<Քարֆուր>>ի մուտքը Հայաստան. <<Մարտի սկիզբը Հայաստանի մէջ հաւանաբար բացուի առաջին <<Քարֆուր>> հանրախանութը: Իսկ ինչ կը վերաբերի ապրանքատեսականիին, <<Քարֆուր>>ի մօտեցումը հետեւեալն է՝ անիկա աւելի շատ կը միտի աշխատիլ տեղացի արտադրողներուն հետ>>։

comments

Advertisement