ՀԱՊԿը անվերապահօրէն կ՛աջակցի Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման

By Asbarez | Wednesday, 04 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ.– 4 Փետրուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան։

Նախարար Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ անվտանգութեան ապահովման կարեւոր բաղադրիչ հանդիսացող ՀԱՊԿի ծիրին մէջ համագործակցութիւնը եւ պիտի շարունակէ հետեւողական ջանքերը՝ կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ դաշնակցային փոխգործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի Դեկտեմբեր 2014ին կայացած նստաշրջանի որոշումներու իրականացման ընթացքն ու կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն միջեւ արտաքին քաղաքական համադրման հարցերը:

Նիքոլայ Պորտիւժան խոր մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գիծին մէջ վերջերս լարուած իրադրութեան առնչութեամբ, վերահաստատած է ՀԱՊԿի անվերապահ աջակցութիւնը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է գարնան նախատեսուած ՀԱՊԿ կանոնադրական մարմիններու նիստերու նախապատրաստական աշխատանքներուն:

 


comments