Թուրք ընդդիմադիր պատգամաւորը յստակացում կ՛ուզէ պետական օրացոյցի մը մէջ Ցեղասպանութեան յուշարձանի նկարին մասին

By Asbarez | Wednesday, 04 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>>.- Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան (CHP) պատգամաւոր Օսման Քորութիւրք արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուին հարցապնդում մը ներկայացուցած է՝ Ծիծեռնակաբերդի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի լուսանկարը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան օրացոյցին մէջ տեղադրելու գծով, հարցը հասցնելով Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգ:


Ըստ ընդդիմադիր կուսակցութեան կայքին՝ պատգամաւորը հարց տուած է, թէ մինչ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հայկական Սփիւռքը Թուրքիոյ դէմ արշաւի մը սկսած են՝ կեդրոնանալով Ապրիլ 24ի վրայ, գերատեսչութեան օրացոյցին մէջ այդ լուսանկարի տեղակայումն արդեօք այդ աշխատանքներուն հակադարձելու քայլերուն հետ որեւէ կապ ունի՞:

Քորութիւրք անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղղուած Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հրաւէրին ու հարցուցած է. <<Ապրիլ 24ի առթիւ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն ուղղուած հրաւէրով զանոնք Հայաստանի ու Թուրքիոյ հրաւէրներուն միջեւ ընտրութիւն կատարելու դրդելը, մեր ազգային շահերուն կը հակասէ։ Այս մէկը արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ՞ր կանխատեսած եւ այդ առումով նախագահը չէ՞ր զգուշացուցած>>:
Պատգամաւորը նաեւ հետաքրքրուած է անով, որ Ապրիլ 24ին Հայաստանի ու Սփիւռքի արշաւներուն դիմագրաւելու համար նախարարութիւնը ինչպիսի՞ աշխատանքներ կ՛իրականացնէ: <<Արդեօ՞ք օրացոյցին նման այլ անակնկալներ կան>>, հարց տուած է ան:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ըստ <<Հիւրրիյէ>>չին՝ <<սխալմամբ>> հրապարակած էր Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի լուսանկարը իր պաշտօնական օրացոյցին մէջ:

 


comments