Անգարա պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ Ապրիլ 24ի միջոցառումներուն

By Asbarez | Wednesday, 04 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>>.- Ըստ <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Թանշու Պիլկիչ յայտնած է, որ Թուրքիա պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութեան։


Անդրադառնալով Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն՝ թուրք դիւանագէտը նշած է, որ անոնց մասնակցելու հրաւէրներ ղրկուած են <<մեծ թիւով>> երկիրներ, եւ աւելցուցած, որ Ապրիլ 23ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը <<Խաղաղութեան գագաթնաժողով>> պիտի կազմակերպէ Պոլսոյ մէջ:

 


comments