By Asbarez | Thursday, 05 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմրատիօ>>.- Ռուս քննիչները քրէական գործ յարուցած են Պալէյ քաղաքի զինուորական բաժինի ղեկավար Ալեքսանտր Լոկինովսքիի դէմ, որ զօրակոչած է Գիւմրիի 102րդ ռուսական ռազմակայանի զինուորական ծառայող Վալերի Պերմեաքովը, ինչպէս նաեւ զօրամասի հրամանատար Եւկենի Սոցքովի դէմ։ Այս մասին կը հաղորդէ LifeNews-ը:
Զինուորականները կասկածելի են անփութութեան համար, որ կրնայ ողբերգութեան պատճառ դառնալ:
Կասկածներ կան այն մասին, որ զինուորական բաժինի ղեկավարը ի սկզբանէ ծառայութիւն կատարելու արտօնութիւն տուած է զօրակոչիկի մը, որ հոգեկան խանգարումներ ունի, ընդ որում՝ փաստաթուղթերուն կցելով դրական բնութագիր: Քննիչները կը կարծեն, թէ բաժնի ղեկավարը բնութագիրը զօրակոչիկի գործին կցած էր դիտումնաւոր կերպով, որպէսզի Վալերի Պերմեաքովը ուղարկէր ծառայելու:
LifeNews-ը կը գրէ, թէ Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու 7 հոգինոց ընտանիքի սպանութեան համար մեղադրուող 19ամեայ զինուորական ծառայողը տակաւին Չիթայի մէջ ծառայութեան ատեն աւելի քան ամիս մը մնացած է զինուորական հիւանդանոցի հոգեբուժական բաժանմունքին մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ