By Asbarez | Friday, 06 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>- Աշխատանքային այցելութեամբ Միւնիխ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոցնախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Փիեռ Անտրէի (Ֆրանսա), Ճէյմզ Ուորլիքի (Ամերիկա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ՝ հանդիպման ընթացքին շարունակուած են քննարկումները ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:
Նախարար Նալբանդեան միջնորդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութեան խախտումներուն եւ ներթափանցման–հետախուզական գործունէութեան բազմապատկման վրայ՝ շեշտելով, որ վերջին շաբաթներուն ընթացքին ատրպէյճանական զինուժը զինադադարը խախտած է առաւել քան 3 հազար անգամ, ինչ որ պատճառած է մարդկային զոհեր, որոնց կարգին՝ քաղաքացիներ։
<<Ադրբեջանի ղեկավարութիւնը կոպտօրէն արհամարհում է միջազգային հանրութեան հասցէական կոչերը եւ իր արկածախնդիր քաղաքականութեամբ եւ սադրիչ գործողութիւններով աւելի է սրում իրավիճակը, արգելակում խաղաղ կարգաւորման գործընթացը>>, ընդգծած է Նալբանդեան:
Ան վերահաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ եռանախագահ երկիրներուն հետ միացեալ ջանքերը՝ ուղղուած ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ