By Asbarez | Friday, 06 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Փետրուար 6ին հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը՝ մէկ օր առաջ Միւնիխի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ կայացած հանդիպման վերաբերեալ:
<<Մենք տագնապով նշեցինք, որ շփման գիծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միջադէպերու թիւը կ՛աճի: Մենք նաեւ նախարարին հետ քննարկեցինք առաջարկուող միջոցառումները, որոնք կրնան նուազեցնել նման միջադէպերու հաւանականութիւնը: Մասնաւորապէս, հրամայական է, որ կողմերը քայլերու ձեռնարկեն՝ կանխելու այնպիսի միջադէպերու կրկնութիւնը, ինչպիսին էր Նոյեմբեր 12ին ուղղաթիռի անկումը>>, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
<<Կողմերուն միջեւ բռնութիւններն ու լարուածութիւնը կ՛ընդգծեն ամենականուխ առիթով բանակցութիւններ սկսելու անհրաժեշտութիւնը, տագնապին երկարատեւ լուծում մը գտնելու համար: Կոչ ըրած ենք նախարարին ճկունութիւն ցուցաբերելու, երբ նման բանակցութիւններ կը սկսին>>, նշած են համանախագահները:
Միջնորդները շեշտած են նաեւ Միջազգային Կարմիր Խաչի հովանիին ներքեւ անհետացած անձերուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւն փոխանակելու մասին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ստորագրած համաձայնագիրի կենսագործման կարեւորութիւնը:
<<Տեղեկատուութեանց նմանօրինակ փոխանակում կրնայ ամրապնդել վստահութիւնը կողմերուն միջեւ եւ դիւրացնել հաշտեցման գործընթացը։ Մենք նաեւ կոչ ըրած ենք վերսկսելու նախագահներուն միջեւ երկխօսութիւնը, առաջին իսկ առիթով>>, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Համանախագահները նաեւ տեղեկացուցած են, որ կը պատրաստուին Փետրուարի վերջաւորութեան տարածաշրջան այցելելու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ