By Asbarez | Friday, 06 February 2015
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-<<Կրեմի>> մրցանակ շահած <<System of a Down>> խումբի աշխարհահռչակ երգիչ եւ երգահան Սերժ Թանքեանի հետ <<Ասպարէզ>>ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանի կատարած հարցազրոյցին ընթացքին, Թանքեան <<Wake Up the Souls>> շրջագայութեան գագաթնակէտը համարած է երեւանեան բացօթեայ համերգը՝ միաժամանակ նշելով, որ այդ անվճար համերգը պիտի ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պատշաճ յիշատակում:
Նշենք, որ շրջագայութեան ընթացքին համերգներ պիտի կայանան Լոս Անճելըսի, Լոնտոնի, Քէօլընի, Լիոնի, Պրիւքսէլի, Ամսթերտամի, Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ:
Սերժ Թանքեան նշած է, որ <<System of a Down>> խումբը ցարդ ելոյթ չէ ունեցած Հայաստանի մէջ՝ աւելցնելով, որ ելոյթը հաւանաբար սփռուի պատկերասփիւռով կամ համացանցով, <<որպէսզի բոլոր փափաքողները մեզի հետ ըլլան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ>>։
Ըստ անոր՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջելու կողքին, <<Wake Up the Soul>>ի նպատակը արդարութեան կոչնակ ըլլալն է: Թանքեան դրական համարած է թրքական հասարակութեան որոշ հատուածներու մէջ տեսնուող փոփոխութիւնը՝ ըսելով, որ որոշ թուրք այլախոհներ <<զարմանալի աշխատանք կը տանին, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար>>:
Թանքեան խօսած է նաեւ <<1915>> անուն ֆիլմին մասին, որ պիտի ներկայացուի այս տարի: Ֆիլմի հեղինակներն են Կարին Յովհաննիսեան եւ Ալեք Մուհիպեան: Ֆիլմը նկարահանուած է Լոս Անճելըս ու անոր դէպքերը տեղի կ՛ունենան Ապրիլ 24, 2015ին:
<<Կը կարծեմ, որ <<1915>>ը իսկապէս շատ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ ֆիլմ մըն է, որ կը վերաբերի իւրայատուկ նիւթի մը, որ ցարդ ֆիլմերու մէջ չէ ներկայացուած, այն է՝ Սփիւռքին կրած կորուստի ցնցումը: Ներկայացուածը կրնայ անձնական մակարդակի էջ ըլլալ, սակայն անոր պատգամը համաշխարհային է>>, նշած է Թանքեան, որ ամիսներ աշխատած է այս ֆիլմի երաժշտութեան վրայ:
Թանքեան խօսած է նաեւ իր անձնական կեանքին մասին՝ ըսելով, որ <<հայր ըլլալը հիանալի է ու անիկա ամենակարեւոր բանը դարձած է ինծի համար>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ