Ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմաշարը պիտի ցուցադրուի «եութուպ»ի վրայ

By Asbarez | Friday, 06 February 2015

 

 

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկահայ դերասան եւ երգիչ Նազօ Պրաւօ կ՛աշխատի Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած քանի մը ծրագիրներու վրայ, որոնցմէ մէկը վաւերագրական ֆիլմաշար մըն է՝ <> ընդհանուր խորագիրով, որուն անդրանիկ հատուածին ցուցադրութիւնը պիտի կատարուի <<Եութուպ>>ի վրայ, Փետրուար 11ին (www.youtube.com/NazoBravo)։ Անոր զուգհեռ, շաբաթը անգամ մը, <<Սաունտքլաուտ>>ի վրայ, պիտի հրապարակուի ֆիլմէն երգ մը։

Վաւերագրական ֆիլմաշարը պիտի աւարտի ամբողջութեամբ Հայաստանի մէջ նկարահանուած հատուածով մը՝ <> խորագիրով։

Նազօ Պրաւօն կը պատրաստէ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու պատմութեան նուիրուած ֆիլմ մը՝ <> խորագիրով։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.nazobravo.com կայքը։

 


comments