Գաղտնազերծուած է Գարեգին Բ.ի դրամատնային հաշիւը

By Asbarez | Monday, 09 February 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Հետաքննող լրագրողներու միջազգային ընկերակցութիւնը (ICIJ) 8 Փետրուարին գաղտնազերծած է զուիցերական <<Էյչ.Էս.Պի.Սի.>> դրամատան յաճախորդներու ցանկերն ու հաշիւները, որոնք կը խուսափին հարկերէն, գաղտնի կը պահեն միլիոնաւոր տոլարներու հասնող դրամատնային գումարները, ինչ որ դրամի լուացման խողովակ կը հանդիսանայ եւ միաժամանակ <<Էյչ.Էս.Պի.Սի.>> դրամատան եկամուտ կ՛ապահովէ:


Զուիցերական հաշիւներէն ամէնէն մեծ չափի տոլարային գումարներու արտահոսք արձանագրած երկիրներու կարգին յայտնուած է նաեւ Հայաստանը՝ ցանկին 146րդ դիրքին վրայ, իսկ մեծ հաշիւ ունեցողներու կարգին է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը։

Գարեգին Բ.ի անունը դրամատնային փաստաթուղթերուն մէջ կ՛երեւի 2000 թուականէն: <<ՆՍՕՏՏ. Գարեգին Բ. Ներսէս>> անունով հաշիւին մէջ 2006-2007 թուականներուն եղած է 1.1 միլիոն տոլար։

Մայր Աթոռի մամլոյ խօսնակը Հետաքննող լրագրողներու միջազգային ընկերակցութեան տրուած պարզաբանման մէջ նշած է, որ այդ հաշիւը բացուած է ի շահ եկեղեցւոյ՝ բարեսիրական նպատակներով:

<<Այս հաշուեհամարը փոխանցուել է Գարեգին Բ.ի անուամբ նրա նախորդի մահուանից յետոյ նոյն նպատակներով օգտագործելու համար: Հայ եկեղեցու կաթողիկոսութիւնը, որը կաթողիկոսի պատասխանատուութեան ոլորտում է, ազգային կրօնական հաստատութիւն է եւ հարկման ենթակայ չէ, եւ վեհափառ հայրապետը <<անձեռնմխելի է հարկումից>>, նշած է Մայր Աթոռը:

Այս գաղտնազերծումը հիմնուած է դրամատան Ժընեւի բաժանմունքին մէջ 2007ին աշխատող համակարգչային մասնագէտին գողցած փաստաթուղթերուն վրայ: Փաստաթուղթերը պարունակած են 100 հազար յաճախորդի տուեալներ՝ տարբեր երկիրներէ:

Հայաստանի հետ առնչուող այլ անձի հաշիւին մէջ եղած մեծագոյն գումարը եղած է 5.8 միլիոն տոլար:

 


comments

Advertisement