By Asbarez | Tuesday, 10 February 2015
ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>>.- Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնելը <<վատ համաձայնութիւն մը գոյացնելէ աւելի լաւ է>>՝ շեշտելով, որ ջանքերը պէտք է կեդրոնացնել համապարփակ համաձայնութիւն մը գոյացնելուն վրայ:
Խամենէի ըսաւ, որ Իրանի կառավարութիւնն ու բանակցող խմբակը իրենց ամբողջ ջանքը կը թափեն, Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերացնելու նպատակին հասնելու համար՝ աւելցնելով, որ <<եթէ այդ մէկը կարենան իրագործել՝ լաւ կ՛ըլլայ, իսկ եթէ չկարենան, ապա այդ հարցը դիմակայելու համար բազմաթիւ ուղիներ գոյութիւն ունին>>:
Խամենէի նաեւ շեշտեց. <<Ամերիկայի թշնամութիւնը էր եւ կը շարունակէ մնալ յեղափոխութեան ու իրանցի ժողովուրդին դէմ>>:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի մերժած է Իրանի հետ բանակցութիւնները Մարտէն ետք յետաձգելու գաղափարը, առանց վերջնական համաձայնութեան շրջագիծի մը շուրջ համաձայնելու:
Անցեալ շաբաթ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ, Միւնիխի մէջ Քերիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք եւս յայտարարած էր, որ <<բանակցութիւններու երկարաձգումը ի շահ ոչ ոքի պիտի ըլլայ>>:
Զարիֆ հանդիպում մը ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ: Անոնք հիւլէական թղթածրարի հարցի լուծման նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնած են, իսկ Զարիֆ ըսած է, որ իր երկիրն ու Վեցեակը (ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն 5 անդամներն ու Գերմանիա) հասած են բանակցութեանց այնպիսի կէտի մը, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ տարակարծութեանց լուծումը կարելի կը դարձնէ՝ աւելցնելով, որ այդ ջանքերու յաջողութենէն ետք, Վեցեակը պէտք է Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ամբողջովին ջնջէ:
Իր կարգին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ պէտք է անմիջական ջանքեր թափել՝ արգելք հանդիսանալու համար, որ յառաջիկայ ամիս Իրանի հետ <<վատ ու վտանգաւոր>> համաձայնութիւն մը չստորագրուի՝ աւելցնելով, որ այդպիսի համաձայնութիւն մը Իրանին պիտի արտօնէ հիւլէական զէնք ձեռք բերել, ինչ որ պիտի վտանգէ Իսրայէլը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ