Սուրիա տեղեկութիւններ կը ստանայ դաշնակից ուժերու յարձակումներուն մասին. Ասատ

By Asbarez | Tuesday, 10 February 2015

 

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Բրիտանական <<Պի.Պի.Սի.>> լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Երեքշաբթի, Փետրուար 10ին յայտնած է, թէ Դամասկոս կը շարունակէ տեղեկութիւններ ստանալ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշնակից ուժերուն կողմէ՝ <<Իսլամական պետութիւն>> կոչուող ահաբեկչական կազմակերպութեան դիրքերուն վրայ յարձակումներուն մասին, միաժամանակ աւելցնելով, որ այս յարձակումները կրնան աւելիով օժանդակել ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ Սուրիոյ իշխանութիւններուն մղած պայքարին, եթէ <<աւելի լուրջ>> ըլլան։

Ասատ նաեւ շեշտած է, թէ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարին մէջ ուղղակի համագործակցութիւն չկայ դաշնակից ուժերուն եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն միջեւ, որովհետեւ Դամասկոս չի կրնար գործակցիլ <<ահաբեկչութեան>> աջակցող երկիրներու հետ՝ ակնարկելով Սուրիոյ իշխանութիւններուն ընդդիմադիր այլ խմբաւորումներու աջակցելու արեւմտեան եւ արաբական շարք մը երկիրներու քայլերուն։ Ըստ Ասատի՝ կողմերուն միջեւ տեղեկութեանց փոխանակումը երրորդ երկիրներու միջոցաւ կը կատարուի, գլխաւորաբար՝ Իրաքի։

 


comments

Advertisement