By Asbarez | Tuesday, 10 February 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպըն յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է օգնելու Հայաստանին եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներուն՝ յաղթահարելու համար տնտեսական խնդիրները, որոնք յառաջացած են Ռուսիոյ տնտեսական իրավիճակի վատթարացման հետեւանքով:
<<Կը գիտակցինք, որ Ռուսիոյ տնտեսական դժուարութիւնները կ՛ազդեն տարածաշրջանի երկիրներուն վրայ, եւ համաձայն ենք, որ պէտք է աշխատինք այդ պետութիւններուն հետ, որպէսզի օգնենք յաղթահարելու տնտեսական դժուարութիւնները: Այդ պատժամիջոցներուն նպատակը տարածաշրջանի այլ երկիրները պատժելը չէ, այնպէս որ, մենք անշուշտ կը փափաքինք աջակցիլ անոնց։ Կը կարծեմ, որ մեր նոր դեսպանը՝ Ռիչըրտ Միլզը, Երեւանի մէջ այս հարցը պիտի քննարկէ, երբ հոն ժամանէ>>, ըսած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ