Եգիպտոս-Ռուսիա կապերը «բարձրացած են նոր մակարդակի»

By Asbarez | Wednesday, 11 February 2015

 

 

ԳԱՀԻՐԷ, <<Ռոյթըրզ>>.- Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շարք մը համաձայնութիւններ գոյացուցին՝ վստահեցնելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները <<բարձրացած են նոր մակարդակի>>:

Եգիպտոսի նախագահը, իր ռուս պաշտօնակիցին հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Փետրուար 10ին Գահիրէ այցելած Փութինին հետ իր հանդիպման ընթացքին, արծարծած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող տարբեր հարցեր եւ վերահաստատած երկու երկիրներուն միջեւ <<ռազմավարական յարաբերութեանց անշեղ սկզբունքները>>, ինչպէս նաեւ Ռուսիան եւ Եգիպտոսը հետաքրքրող միջազգային հարցերու շուրջ հանդիպումները շարունակելու կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ. <<Եգիպտոս Ռուսիան կը նկատէ ռազմավարական բարեկամ մը եւ իսկական դաշնակից մը>>: Սիսի նաեւ նշեց, թէ իր պաշտօնակիցին հետ համաձայնած է Եմէնի մէջ տեղւոյն տագնապին արագ լուծման աջակցելու, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ եւ Իրաքի հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու շուրջ:

Եգիպտոսի նախագահը աւելցուց, որ քննարկուած հարցերու շարքին էին ներկայ պայմաններու լոյսին տակ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ համագործակցութեան սերտացումը: Ան ըսաւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է երկու երկիրներուն միջեւ ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի եւ հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման մարզերուն մէջ համագործակցելու շուրջ:

Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց. <<Սուրիական ճգնաժամին համար քաղաքական լուծումի մը գոյացման կարեւորութիւնը շեշտեցինք, եւ ճգնաժամի լուծման օժանդակելու համար՝ Մոսկուայի մէջ սուրիական բանակցութեանց նոր հանգրուան մը կը նախատեսենք>>, աւելցնելով, որ ինք Սիսիին ներկայացուցած է Մոսկուայի մէջ սուրիական կառավարական եւ ընդդիմադիր կողմերուն միջեւ բանակցութեանց մանրամասնութիւնները: Փութին նաեւ ըսաւ, որ Եգիպտոսի մէջ հիւլէական կայան մը կառուցելու շուրջ նախնական համաձայնութիւն մը գոյացած է:

Նշենք, որ Խորհրդային Միութեան տարրանջատումէն ետք, Փութին Ռուսիոյ առաջին նախագահն է, որ Եգիպտոս կ՛այցելէ:

Փութին այս այցելութեան առիթով Սիսիին նուիրեց <<Քալաշնիքոֆ>> տիպի գնդացիր մը եւ Եգիպտոսի նախագահը պաշտօնապէս հրաւիրեց Ռուսիա՝ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան բանակցութիւնները շարունակելու համար:

Յայտնենք, որ Եգիպտոս կը ջանայ կապերը սերտացնել Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ։

 


comments

Advertisement