Ոչ եւս է Ճերի Թարխանեանը

By Asbarez | Wednesday, 11 February 2015

 

ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Փետրուար 11ին, Տենի Թարխանեան <<Թուիթըր>>ի միջոցաւ տեղեկացուց, թէ իր մահկանացուն կնքած է պասքեթպոլի հանրայայտ մարզիչ Ճերի Թարխանեանը։ Ան 84 տարեկան էր։ Անցեալ Նոյեմբերին, ան թոքատապէ տառապելով՝ հիւանդանոց փոխադրուած էր, իսկ անցեալ Ապրիլին դիմագրաւած էր սրտի երկրորդ կաթուած մը։


Թարխանեան իր 43ամեայ ասպարէզին ընթացքին ծանօթ էր <<Թարք տը Շարք>> անունով: Ան յաղթանակով աւարտած էր համալսարանական մրցումներուն աւելի քան 80 տոկոսը՝ ապահովելով 761 յաղթանակ:

Նեւատայի համալսարանի Լաս Վեկասի մասնաճիւղի (UNLV) տղոց պասքեթպոլի խումբը չորս առիթներով <<Ֆայնըլ Ֆոր>>ի (Միացեալ Նահանգներու համալսարանական առաջնակարգ պասքեթպոլի խումբերու կիսաւարտականը) հասցուցած ու 1990ին նաեւ ախոյեան դարձուցած հռչակաւոր մարզիչը, Նէյսմիթի անուան պասքեթպոլի <<Փառքի Սրահ>>ի անդամ դարձած էր 2013ին:

Նոյն տարին, Նոյեմբեր 30ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին <<Ժողովուրդի Ախոյեան>> մրցանակով մեծարեց Թարխանեանը:

 

 

comments