«Իսլամական Պետութեան» դէմ յաղթանակը պիտի չջնջէ ծայրայեղականութիւնը. Համընտ

By Asbarez | Friday, 13 February 2015


ՍԻՏՆԻ.- Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ <<Սիտնի Մորնինկ Հերըլտ>> թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուցած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ յաղթանակը պիտի չնշանակէ իսլամ ծայրայեղականութեան գաղափարախօսութեան ամբողջական ջնջումը:
<<Պէտք չէ զբաղիլ ինքնախաբէութեամբ եւ յոյս ունենալ, որ եթէ մենք վերցնենք Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութիւն>>ը եւ զայն հեռացնենք Իրաքէն, ապա այդ գաղափարախօսութիւնը իր որեւէ դրսեւորումով պիտի չյայտնուի մէկ այլ վայր մը>>, ընդգծած է ան։


Նշենք, որ նախարարը մասնակցած էր Սիտնիի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու բրիտանա-աւստրալական տարեկան հանդիպումին:

Համընտի կարծիքով՝ իսլամ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի <<ներկայ սերունդի ամբողջ կեանքին ընթացքին>>:
Ըստ անոր՝ այդպիսի պայքարի զինուորական բաղադրիչը ամէնէն դժուարը չէ: <<Շատ աւելի կարեւոր է դիմակայել գաղափարախօսութիւնը, որ արձագանգ կը ստանայ խոցելի մարդոց մօտ>>, նշած է ան:

 


comments

Advertisement