By Asbarez | Thursday, 12 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Աւետիսեաններու սպանութենէն ուղիղ ամիս մը ետք խումբ մը ցուցարարներ Հայաստանի գլխաւոր դատախազի շէնքին առջեւ ներկայացած են՝ <<Պերմեաքով կամ հրաժարական>> պահանջով:
<<Դատախազութիւնից պահանջում ենք տալ երաշխիքներ, որ մեղադրեալը փոխանցուելու է Հայաստանի Հանրապետութեան: Իրաւապահներին կոչ ենք անում առաջնորդուել իրաւական կատեգորիաներով, այլ ոչ թէ տղամարդու խոստումներով>>, յայտնած է գործիչ Նարեկ Այվազեանը:
Դատախազութեան շէնքին առջեւ կայացած բողոքի ցոյցին գլխաւոր նիւթը Գէորգ Կոստանեանի նամակն էր՝ ուղղուած ռուս պաշտօնակցին: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ռուսական կողմին միջնորդութիւն ներկայացուած է՝ վարոյթը Հայաստանի իրաւապահներուն գործի փոխանցելու վերաբերող:
<<Ժողովրդի մեծամասնութիւնը չի վստահում իշխանութեան կամակատարների կողմից կատարուած ցանկացած յայտարարութեան: Մենք պահանջում ենք հրապարակայնեցնել իր դիմումը>>, նշած է Վաղինակ Շուշանեան:
<<Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում>>ը տասներորդ օրն ըլլալով կը սպասէ Գլխաւոր դատախազութեան պատասխանին: Անոնք նամակով մը դիմած էին՝ պահանջելով հրապարակել նամակին բովանդակութիւնը, քանի որ չեն հաւատար, թէ Կոստանեան իսկապէս միջնորդութիւն կատարած է Պերմեաքովը յանձնելու գծով։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ