ՀՅԴ ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են ԵԱՀԿ գրասենեակի ղեկավարին հետ

By Asbarez | Friday, 13 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ - 13 Փետրուարին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը հանդիպում ունեցած են ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Անտրէյ Սորոքինի հետ։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿի ծաւալած գործունէութեան, քննարկուած են ռազմաքաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն վերաբերող հարցեր:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները անդրադարձած են վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական բարդ իրավիճակին, կարեւոր նկատած են սահմանադրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը եւ եւրոպական կառոյցներուն հետ Հայաստանի համագործակցութեան շարունակականութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնուած են մարդու իրաւունքներու, ազատ խօսքի, հանրային տեղեկատուութեան մատչելիութեան եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատ գործունէութեան վերաբերող հարցեր:

ՀՅԴի ներկայացուցիչները յոյս յայտնած են, որ ԵԱՀԿը Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին իր մասնակցութիւնը պիտի ապահովէ բարձր մակարդակով:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային եւս շարունակելու տեսակէտներու փոխանակումը:

 


comments