By Asbarez | Tuesday, 17 February 2015
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>>.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի, մեկնաբանելով Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի այն յայտարարութիւնը, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սուրիական ճգնաժամի լուծման մաս կը կազմէ՝ յայտնեց, որ այդ հարցով Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը չէ փոխուած եւ յայտարարեց, որ <<Ասատ իր օրինականութիւնը ամբողջական կերպով կորսնցուցած է եւ պէտք է հեռանայ>>:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս, իր կարգին գրեց, որ Ասատի հեռացումը մաս կը կազմէ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման: Սակայն տը Միսթուրայի բանբեր Ժիւլիէթ Թումա նշեց, որ 2012ի Ժընեւի հաղորդագրութիւնը հիմնաքարն է Սուրիոյ ճգնաժամի երկարատեւ քաղաքական լուծման՝ նշելով. <<Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ (Սուրիոյ) իշխանութիւնները պէտք է նպաստեն լուծումի մը գոյացման, որ վերջ կը դնէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն եւ մարդկային ողբերգութեան>>:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խս-տօրէն դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեանց յայտարարութիւնները, <<որոնք երկիրներու գերիշխանութիւնը յարգելու ՄԱԿի սկզբունքներուն բացայայտ ոտնակոխումներ են>>:
Նախարարութիւնը նաեւ նշեց. <<Ամերիկեան ու ֆրանսական յայտարարութիւնները կու գան անգամ մը եւս հաստատելու երկու երկիրներուն՝ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ դաշնակցիլը եւ վերջիններուս իրերայաջորդ պարտութիւններէն ետք անոնց տրամադրութիւնը բարձրացնելու փորձը>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ