By Asbarez | Tuesday, 17 February 2015
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 17 Փետրուարին ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:
Նախարարը շնորհաւորած է դեսպանը՝ Հայաստանի մէջ ստանձնած իր դիւանագիտական պաշտօնին համար եւ մաղթած, որ միացեալ արդիւնաւէտ աշխատանքով կարելի կ՛ըլլայ առաւել եւս ընդարձակել հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան շրջագիծը։
Դեսպան Միլզ իր կարգին նշած է, որ ամերիկեան կողմը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացման աշխոյժ ընթացքին պահպանումը, եւ յոյս յայտնած, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին այս իմաստով աւելի յառաջընթաց կ՛արձանագրուի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ