Անգարա «սխալ եւ ցաւալի» կը նկատէ արձանագրութիւնները ետ քաշելու որոշումը

By Asbarez | Tuesday, 17 February 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատար մը <<Հիւրրիյէ>>չի հետ զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները ետ քաշելու քայլը:


<<Արձանագրութիւնները Հայաստանի խորհրդարանի օրակարգին վրայ էին, սակայն որեւէ քայլ չէր առնուեր: Այդ որոշումը հայաստանեան կառոյցներու ներքին մեկնաբանութիւնն է: Սակայն մենք այս քայլը ճիշդ չենք գտներ: Սխալ եւ ցաւալի քայլ է անիկա>>, ըսած է ան։

 


comments

Advertisement