Հայ-Թրքական կապերու կարգաւորման համար՝ Արցախի տագնապին փաթեթային լուծում պէտք է. Մահճուպեան

By Asbarez | Tuesday, 17 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան <<Արդար յիշողութիւն>> նախաձեռնութեան տուած իր հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է իր պաշտօնին, Ցեղասպանութեան 100ամեակին ակնկալուող հաւանական զարգացումներուն, Ապրիլ 24ին Կալիփոլիի տօնակատարութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Ան նշած է, որ Ահմետ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական դառնալու առաջարկը ընդունելու համար, իրմէ միայն 3 վայրկեան պահանջուած է:


<<Գլխաւոր խորհրդական դառնալս Հայկական Հարցին այնքան ալ չ՛առնչուիր, քանի որ եթէ ես հայ չըլլայի, ոչինչ պիտի փոխուէր: Տաւութօղլուի վերաբերմունքը ինծի հանդէպ, կամ իմ վերաբերմունքը՝ անոր հանդէպ, պիտի չփոխուէր>>, ըսած է ան:

Պատասխանելով Թուրքիոյ այդ օրերու վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հայերուն ուղղուած ցաւակցական ուղերձի անկեղծութեան մասին հարցումի մը՝ Էթիէն ըսած է. <<Ցաւակցական ուղերձի անկեղծութիւնը բացայայտ էր: Գոյութիւն ունի իսլամական զգայուն պետութիւն մը, որ կը կանգնի ճնշուածներու կողքին: Այս պահուն, օրինակ, Թուրքիոյ մէջ կայ մօտաւորապէս 2 միլիոն սուրիացի գաղթական, ներառեալ՝ հայեր, քրիստոնեաներ, քիւրտեր>>, յիշեցնելով նաեւ հիմնադրամներուն պատկանած գոյքը վերադարձնելու մասին իշխող կուսակցութեան որոշումները:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ ան նշած է, թէ իր կարծիքով՝ այդ առումով Թուրքիան փորձած է քայլեր առնել՝ <<հին կապանքներէն ազատելու համար, սակայն, անշուշտ, միջպետական յարաբերութիւնները շտկելը այդքան ալ դիւրին չէ>>, աւելցնելով, որ քայլերը պէտք է երկկողմանի ըլլան: Ան նաեւ նշած է, թէ այդ հարցը բաւական բարդացած է՝ Ղարաբաղի հարցին պատճառով:

<<Այդ պատճառով ալ, կարելի չէ զայն կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին լուծել: Միաժամանակ, պէտք է բացուի հայ-թրքական սահմանը, իսկ Ղարաբաղի հարցը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, լուծման փուլի պէտք է հասնի, եւ նոյն ժամանակ, երեք երկիրներուն միջեւ նոր յարաբերութիւններ պէտք է

հաստատուին: Այսինքն՝ բոլոր այդ խնդիրները նոյն պահուն լուծելու համար, փաթեթային լուծում մը անհրաժեշտ է>>, ըսած է ան:

Մահճուպեան յոյս յայտնած է, որ Ապրիլ 24էն ետք հայ-թրքական յարաբերութիւնները աւելի հանգիստ հարթութիւն կը տեղափոխուին:

 


comments

Advertisement