Հեռախօսային արձանագրութիւններ կ՛ապացուցեն Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը Քեսապի վրայ յարձակումին

By Asbarez | Wednesday, 18 February 2015

 

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ալ-Մոնիթըր>>.- Թուրքիոյ մէջ Իսլամական Խալիֆայութեան զինեալներու դէմ դատավարութեան ընթացքին ներկայացուած ապացոյցներու շարքին, բացայայտուած են հեռախօսային արձանագրութիւններ, որոնք յստակ կը դարձնեն Թուրքիոյ զինեալ ուժերու մասնակցութիւնը Քեսապի վրայ շղթայազերծուած յարձակումին:

Սոյն արձանագրութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ Թուրքիա ոչ միայն զէնք եւ զինամթերք մատակարարելով օգնած է Իսլամ ծայրահեղականներուն, այլեւ ուղղակի թնթանօթներով հարուածած է Քեսապի վրայ յարձակողներու մատնանշած սուրիական բանակի տեղերը նշող թիրախներ:
Դատական արձանագրութիւնները ձեռք ձգած է <<Թումհուրիէթ>> թերթի լրագրող Ահմէտ Սիքը:

 


comments