«Սթարպաքս» պիտի վերցնէ վիրաւորական որմազդները

By Asbarez | Wednesday, 18 February 2015

 

 

<<Ասպարէզ>>ի անգլերէն բաժինի խմբագիրը կը տեղեկացնէ, թէ <<Սթարպաքս>> որոշած է իր սրճարաններէն վերցնել հայերուն համար վիրաւորական նկատուող այն որմազդները, որոնց մէջ պատկերուած են հայկական տարազներով կիներ, որոնք կը պարեն թրքական դրօշակներու նկարը կրող փուչիկներու տակ։
Այս որմազդները տեսած հայորդիներ տեղեկացուցած էին <<Ասպարէզ>>ը, որ իր կարգին դիմած է ընկերութեան, որուն ներկայացուցիչը վստահեցուցած է, թէ որմազդները պիտի վերցուին, եւ ներողութիւն յայտնած այդ սխալին համար։

 

 

Մեծ թիւով հայեր ընկերային համացանցային կայքերու միջոցաւ բողոքած են <<Սթարպաքս>>ի այս որմազդներուն դէմ՝ սպառնալով պոյքոթի դիմել ընկերութեան դէմ, շեշտելով անոր վիրաւորական բնոյթը եւ դատապարտելով հայութեան զգայնութիւնները անտեսող այս քայլը։


Իր կարգին, <<Ասպարէզ>> <<Սթարպաքս>>ին փոխանցած է Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու <<հարուստ>> ժառանգը եւ այն իրողութիւնը, թէ Անգարա մինչեւ այսօր կ՛ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ հարց տալով, որ ընկերութիւնը ի՞նչ նպատակով ձրի քարոզչութիւն կը կատարէ նման երկիրի մը համար։

Անոնք, որոնք նման որմազդներ կը տեսնեն, կրնան դիմել <<Սթարպաքս>>ին, զանոնք վերցնելու պահանջով։



 


comments

Advertisement