By Asbarez | Wednesday, 18 February 2015
Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ նամակը ստացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն:
Արամ Ա. կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս-Լիբանան
Կ՛ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել համակրանքի, զօրակցութեան եւ բարեկամութեան ինծի ուղղած ձեր պատգամին համար, երբ Ֆրանսայի սիրտը հարուած ստացած էր՝ աննկարագրելիօրէն ահաւոր ու սարսափելի յարձակումի մը իբրեւ հետեւանք: Այս ատելի արարքին ճամբով պետութեան հեղինակութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնն էր, որ յարձակումի կ՛ենթարկուէր: Արդարեւ, ժողովրդավարութիւնը խօսքի, մտածումի եւ ստեղծագործութեան ազատութիւնն է. միաժամանակ ժողովրդավարութիւն կը նշանակէ բազմազանութիւն եւ զանազանութիւն:
Ֆրանսան տեղի պիտի չտայ խաւարամտութեան, եւ ես պիտի շարունակեմ Ֆրանսայի անունով դրօշակիրը դառնալ թէ՛ ազգային, եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ, մեր հիմնական արժէքներուն՝ ազատութեան, հանդուրժողականութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան:
Անգամ մը եւս իմ շնորհակալութիւնս յայտնելով ձեր զօրակցութձան համար, կը խնդրեմ ձերդ սրբութենէն ընդունիլ իմ յարգանքը:
ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՀՈԼԱՆՏ
Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ