By Asbarez | Wednesday, 18 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– <<Հայ-թուրքական արձանագրութիւններն Հայաստանի Ազգային ժողովից յետ կանչելուց յետոյ մենք ունենք տարբեր քայլեր իրականացնելու հնարաւորութիւն>>, յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը <<Հ1>>ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
<<Մենք կարող ենք ընդհանրապէս ստորագրութիւնները չեղեալ յայտարարել, մենք կարող ենք եւ վաւերացնել, այսինքն՝ ամէն ինչ կախուած է ապագայ զարգացումներից: Ինչպիսի՞ն կը լինեն զարգացումները, ինչպիսի՞ն կը լինի Թուրքիայի պահուածքը, արդեօ՞ք կը փոխուի, եւ եթէ այո, ապա դէպի ո՞ր կողմ կը փոխուի: Այնպէս որ մենք քայլեր ունենք տարբեր ուղղութիւններով>>, յայտնած է ան։
Փոխնախարարին համաձայն՝ ամէնէն կարեւորը այն է, որ տուեալ պարագային կրկին այդ <<ֆուտբոլային տերմինաբանութեամբ՝ գնդակը իրենց դաշտում է>>, եւ ակնյայտ է, որ շահագրգիռ պետութիւնները, միջազգային հանրութիւնը պիտի սպասեն Թուրքիոյ կողմէ առնուելիք քայլերուն:
Լրագրողը հարցուցած է. <<Հայաստանի այս քայլը ենթադրո՞ւմ է, որ մենք հայ-թուրքական յարաբերութիւններում Թուրքիայի հետ վերջակէ՞տ ենք դնում, թէ նոր փաստաթղթի հաւանականութիւն կայ>>։ Շաւարշ Քոչարեան արձագանգած է. <<Եթէ նախագահը ստորագրութիւնը չեղեալ յայտարարէր, ապա միայն տեսականօրէն կարող էր նոր գործընթաց սկսուել>>:
Լրագրողը հարցուցած է, որ այս վեց տարիները որո՞ւ յօգուտ էին. Շ. Քոչարեան պատասխանած է. <<Ես մատնանշեցի թուրքական հասարակութիւնում այն ալիքը, որը բարձրացել է եւ արդէն դժուար է կասեցնել: Պէտք է յիշել նաեւ, որ այս ժամանակահատուածում երկու պետութիւն՝ Յունաստանը եւ Սլովակիան, քրէականացրին ժխտողականութիւնը, ամենաէականը՝ երեւաց Հայաստանի իշխանութիւնների անկեղծ ձգտումը՝ կարգաւորելու յարաբերութիւնները, եւ մենք պայմանաւորուածութեանը հակառակ որեւէ քայլ չենք կատարել՝ ի տարբերութիւն Թուրքիայի իշխանութիւնների, որոնք անընդհատ առաջնորդւում են նախապայմաններով: Թուրքիայի իշխանութիւնների այսպիսի վարքագծի արդիւնքում այս վեց տարիներն աշխատեցին ի վնաս կարգաւորման գործընթացի>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ