By Asbarez | Wednesday, 18 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 18ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Փիեռ Անտրէի (Ֆրանսա) եւ Ճէյմզ Ուորլիքի (Միացեալ Նահանգներ) այցելութիւնը:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը յայտնէ, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի կոպիտ խախտումները ստացած են նոր եւ շատ աւելի բացասական որակ ու դրսեւորումներ, որոնք լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն խաղաղութեան գործընթացին, միջնորդներու աշխատանքին եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման։ Ան աւելցուցած է, որ նման քաղաքականութիւն որեւէ ձեւով չի կրնար ազդել Արցախի ժողովուրդին՝ ազատ, անկախ պետութիւն կերտելու եւ անոր ապահովութիւնը հետեւողականօրէն ամրապնդելու կամքին ու վճռականութեան վրայ:
Հանդիպման մասնակցած են ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիք եւ այլ պաշտօնատարներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ