By Asbarez | Thursday, 19 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 19 Փետրուարին ընդունած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճէյմզ Ուորլիքը, Փիեռ Անտրէն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը, համանախագահներուն հետ նոյն ձեւաչափով նախորդ հանդիպումէն ի վեր տեղի ունեցած զարգացումները: Պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է առաջնագիծին մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած հիմնական պատահարները, լարուածութեան մեծ աճը պայմանաւորող հնարաւոր գործօններու մասին իր տեսակէտները:
Կողմերը մտահոգութիւն յայտնած են վերջին ամիսներուն հակամարտող ուժերուն միջեւ շփման գիծին վրայ իրավիճակի սրման առնչութեամբ, համակարծիք եղած են վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման անհրաժեշտութեան հարցին մէջ: Քննարկուած են առաջնագիծին վրայ վստահութեան ամրապնդման եւ պատահարներու բացառման վերաբերող հաւանական լուծումներ, զորս կեանքի կոչելու ուղղութեամբ Սէյրան Օհանեան յայտնած է հայկական կողմի անվերապահ յանձնառութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ