Անգարա դարձեալ կ՛արձագանգէ արձանագրութիւնները ետ քաշելու որոշումին

By Asbarez | Thursday, 19 February 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- Փետրուար 18ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Թանշու Պիլկիչ հանդէս եկած է 2009ին ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ քաշելու մասին շարք մը յայտարարութիւններով։


Ըստ <<Աքշամ>> թերթին՝ մամլոյ խօսնակը նշած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն նպատակը եղած է ոչ միայն երկու երկիրներու յարաբերութեանց բարելաւումը, այլ նաեւ՝ <<Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը>>:

<<Մենք Հայաստանի այդ քայլը ճիշդ չենք համարեր, մենք զայն կը նկատենք ցաւալի եւ անյաջող քայլ մը: Անիկա իրականութեան մէջ Հայաստանի վերջին ջանքն է, որ կը վկայէ այդ արձանագրութիւններուն նկատմամբ անոր անհետեւողական եւ շինծու վերաբերմունքին մասին>>, ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը:

Նշենք, որ այս մէկը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան երկրորդ արձագանգն է՝ արձանագրութիւնները ետ քաշելու որոշումին: Փետրուար 17ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը, <<Հիւրրիյէ>>չի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումը <<սխալ եւ անյաջող քայլ>> որակած էր:

 


comments

Advertisement