By Asbarez | Thursday, 19 February 2015
ՊԸՐՔԼԻ, Քալիֆորնիա - Հետեւելով Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի օրինակին՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի ուսանողական կառավարութիւնը Չորեքշաբթի, Փետրուար 18ի գիշերը, ժամը 11ին, վաւերացուց բանաձեւ մը, որուն շնորհիւ՝ համալսարանը ետ պիտի քաշէ Թուրքիոյ մէջ իր ներդրումներն ու պարտամուրհակները, որոնց արժէքը մօտաւորապէս 72.6 միլիոն տոլար է։
Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուին Թուրքիոյ իշխանութեան իրագործած ոճիրները, յատկապէս՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնն ու անոր ուրացման շարունակութիւնը։ Բանաձեւի վաւերացումը ապահովելու արշաւը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումները ետ քաշելու կամ հոն ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ տարհամոզելու ընդհանուր արշաւին՝ <<#DivestTurkey>> խորագիրին տակ, որուն նախաձեռնած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն։
<<Այս աշխատանքին նեցուկ կանգնեցան ոչ միայն Պըրքլիի համալսարանի հայ ուսանողները, այլեւ՝ Պըրքլիի համայնքը։ Հպարտ ենք, որ այս յաջողութիւնը ապահովելով՝ պատմութեան մէկ մասնիկը պիտի դառնանք>>, կը յայտնէ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան անդամ Սարին Հապէշեանը։
<<Հպարտ եմ այս իրագործումով, որ պատգամ մըն է համալսարանին, թէ՝ կարելի չէ ուսանողներու կրթաթոշակներով ներդրումներ կատարել, առանց ուսանողներու կարծիքը հարցնելու>>, կ՛աւելցնէ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Մարկոսեանը։
<<#DivestTurkey>> արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել DIvestment@AYFWest.org հասցէին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ