Օրհան Փամուք խուսափած է «Ցեղասպանութեան» մասին խօսելէ

By Asbarez | Friday, 20 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Թուրք գրող, Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք խուսափած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելէ:

Թրքական CNNturk-ի համաձայն՝ գերմանական Die Zeit պարբերականը հարցազրոյց կատարած է թուրք նշանաւոր գրող Օրհան Փամուքի հետ, որ տարիներ առաջ յայտարարած էր, թէ դարասկիզբին Թուրքիոյ մէջ 1 միլիոն հայ եւ 30 հազար քիւրտ սպաննուած է. ատկէ ետք ան արժանացած էր Նոպէլեան մրցանակի, սակայն անկէ ետք դադրած էր ցեղասպանութեան մասին խօսելէ:

Die Zeit-ի լրագրողը յիշեցուցած է, որ Օրհան Փամուք 10 տարի առաջ յայտարարած էր 1 միլիոն հայերու կոտորածին մասին եւ հարցուցած, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչութեամբ ի՞նչ կ՛ուզէ ըսել թուրք գրողը։

Փամուք խուսափած է ցեղասպանութեան մասին խօսելէ եւ ըսած է. <<Կ՛ուզեմ, որ Թուրքիան եւ յատկապէս ընդդիմութիւնը այդ նիւթը դիտարկեն խօսքի ազատութեան պարունակին մէջ>>:

 


comments