By Asbarez | Friday, 20 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Սուճեաններու ընտանիքին պատկանող հողատարածքներու վերադարձին համար սկսած դատական պայքարը ընթացք առած է: Ըստ թրքական <<Տեմոքրաթհապեր>>ին՝ թրքական դատարանը ընդունած է Զուարթ Սուճեանի փաստաբաններուն ներկայացուցած պահանջները եւ ընթացք տուած է տարածքին հետ կապուած դատական գործընթացին: Յառաջիկայ օրերուն, դատարանը պիտի հաւաքէ եւ ուսումնասիրէ Սուճեան ընտանիքին կողմէ պահանջուող տարածքներու սեփականութեան փաստաթուղթերը եւ փաստաբաններուն ներկայացուցած նիւթերը, որմէ ետք քննութիւնը պիտի սկսի:
Փաստաբանները յատկապէս ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն փաստին վրայ, որ 1963ին, Սուճեաններուն պատկանող տարածքներուն տիրանալու նպատակով կալուածագրական դատարանին դիմած թուրք գիւղացիներու պահանջը մերժուած էր: Դատարանը իր որոշումը պատճառաբանած էր անով, որ 40 տարի առաջ, այդ տարածքին սեփականատէրը դարձած էր պետական գանձարանը: Զուարթ Սուճեանի փաստաբանները դատարանին ներկայացուցած են նաեւ կալուածագրական դատարանի այս որոշումը յայտնող փաստաթուղթերը:
Սուճեաններուն կողմէ պահանջուող տարածքները ներկայիս կը գտնուին Թուրքիոյ Տիգրանակերտի եւ Պաթմանի (պատմական Սասնոյ եւ Սղերդի շրջան) մէջ: Անոնց վրայ կառուցուած են օդակայաններ:
Տարածքները կը պատկանին Զուարթ Սուճեանի մօր՝ Պասմաճեաններու տոհմին: Անոնք պետութեան կողմէ բռնագրաւուած են տասնամեակներ առաջ:
Նախ ներկայացուած էր Տիգրանակերտի հայցը, իսկ աւելի ուշ՝ Պաթմանի տարածքին առնչուող դատական հայցը:
Նշենք, որ Տիգրանակերտի օդանակայանին գծով, դատը 2013ին մերժուած էր, ապա վերաքննութեան դիմում կատարուած էր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ