Հայ եւ Ռուս իրաւապահները կը փնտռեն Գիւմրիի Ռուսական խարիսխի զինուորը

By Asbarez | Monday, 23 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Սիվիլնե>>չ.– Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան (ԱԴԾ) Սահմանային վարչութիւնը 23 Փետրուարին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝ Հայաստանի մէջ Սահմանային վարչութեան պայմանագրային զինուորական ծառայող 26ամեայ Արթուր Աֆեանի անհետացման մասին:


Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանին մէջ ծառայող Աֆեան ծառայութեան չէ վերադարձած արձակուրդի օրերէն ետք: <<Սահմանային վարչութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի ոստիկանութեան հետ համատեղ որոնողական աշխատանքներ կը տանին: Յոյսով ենք՝ ան կը գտնուի>>, <<ՌԻԱ Նովոստի>> գործակալութեան յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ ԱԴԾ Սահմանային վարչութեան մամլոյ խօսնակը:


23 Փետրուարին ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն հրապարակած է այն մասին, որ Արթուր Աֆեան կը փնտռուի որպէս անհետ կորսուած:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ Գիւմ-րիի բնակիչ Արթուր Աֆեանը 21 Փետրուարին, ժամը 2։00ի սահմաններուն մէջ տունէն դուրս ելած ու չէ վերադարձած։

Գիւմրիի <<Գալա>> պատկերասփիւռի ընկերութեան (ռազմակայանի մօտ գտնուող) հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարմաշէնի գիւղապետը պատմած է, որ Արթուրը Իջեւանէն էր կամ շրջակայ գիւղերէն, ամուսնացած էր եւ պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն կը կատարէր ռուսական ռազմակայանին մէջ եւ կնոջ հետ տուն վարձած էր Գիւմրիի մէջ։

 


comments