Վատիկանը Ս. Գրիգոր Նարեկացիին շնորհեց տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի տիտղոս

By Asbarez | Monday, 23 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Վատիկանի պաշտօնական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած է, թէ Ֆրանսիս պապը Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի տիտղոսը շնորհած է Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Գրիգոր Նարեկացիին: Ֆրանսիս պապ իր որոշումը կայացուցած է խորհրդակցելէ ետք Վատիկանի Սուրբերու հարցերու համախմբումի տեսուչ կարտինալ Անճելօ Ամաթոյի հետ:


Այս կոչումը կը տրուի վաստակաւոր աստուածաբաններու: Այս անգամ այդ կոչման արժանացաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ Կաթոլիկ աշխարհին մէջ կը համեմատուի Ս. Օգուստինի հետ, նկատի առնելով առաջին հերթին ոչ թէ անոր աշխատութիւններուն թիւը, այլ՝ ազդեցութիւնը հաւատացեալներուն վրայ:
Նշենք, որ 2015ի Յունուարին, Վատիկանի մէջ աւարտեցաւ Սուրբերու միաբանութեան ժողովը, որուն ընթացքին անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկուեցան Հռոմի պապին նշեալ յայտարարութեան կապակցութեամբ: Այդ ժողովին առաջարկուած էր Գրիգոր Նարեկացիի անունը:

Նարեկացի մեծապէս նպաստած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զարգացման: Նարեկավանքը, ուր ուսած է Գրիգոր Նարեկացի, 1915 թուականին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, հիմնովին քանդուած է:

Գրիգոր Նարեկացի (951-1003) եղած է ականաւոր աստուածաբան եւ հայ հոգեւոր գրականութեան անզուգական ներկայացուցիչներէն մէկը: Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են շատ լեզուներու, իսկ 1984 թուականին երգահան Ալֆրետ Շնիթկեն Նարեկացիի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ գրած է երաժշտական գործ մը՝ երգչախումբի համար:

Նարեկացիի գլուխ-գործոցը <<Մատեան Ողբերգութեան>> երկարաշունչ բանաստեղծութիւնն է՝ բաղկացած 95 գլուխներէ (բանք), որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի <<Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ>> տողով:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Նարեկացի միայն 52 տարի ապրած է, ան գրական եւ իմաստասիրական հարուստ ժառանգութիւն ընծայաբերած է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան գանձարանին:

 

 


comments

Advertisement