Արթուր Աբրահամ կը պահպանէ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը

By Asbarez | Monday, 23 February 2015

ՊԵՐԼԻՆ.- WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ յաղթական դուրս եկաւ անգլիացի բռնցքամարտիկ Փօլ Սմիթի դէմ իր ունեցած մենամարտէն եւ պահպանեց աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը:

12 հանգրուան տեւած սոյն մենամարտի մրցավարներուն որոշումով, միաւորներու բացարձակ առաւելութեամբ յաղթական հռչակուեցաւ Արթուր Աբրահամը, որ այսպիսով տօնեց իր 42րդ յաղթանակը:

Արթուր Աբրահամ (Աւետիք Աբրահամեան) ծնած է 1980ին, Երեւան: Ան 2004էն ի վեր կը բնակի Պերլին: Հայոց բանակին մէջ ծառայած բռնցքամարտիկը Հայաստանի զինուած ուժերու <<Անդրանիկ Օզանեան>> շքանշանին արժանացած է:


comments

Advertisement