Աւելի քան 200 Ասորի առեւանգուած է հիւսիսարեւելան Սուրիոյ մէջ

By Asbarez | Thursday, 26 February 2015

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Սի.Էն.Էն.>> - Հինգշաբթի, Փետրուար 26ին, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքի ռազմական օդանաւերը <<Իսլամական պետութեան>> թիրախները հարուածած են՝ Սուրիոյ հիւսիսարեւելան Թել Թամր գիւղին մօտերը, ուր բուռն բախումներ կը շարունակուին քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն եւ իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն միջեւ։


Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ Սուրիոյ Հասաքէ նահանգին մէջ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներուն կողմէ առեւանգուած ասորիներու թիւը առնուազն 220ի բարձրացած է, մինչ <<Ասորական մարդկային իրաւանց ցանց>> կազմակերպութեան ներկայացուցիչ մը տեղեկացած է, թէ ցարդ հաստատուած է 262 ասորիներու առեւանգումը։

Իր կարգին, <<Նաշրա>> օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գամիշլիի շրջակայքը <<Իսլամական պետութեան>> եւ քրտական ուժերուն միջեւ բախումները կը շարունակուին:

Ըստ լիբանանեան <<Ժումհուրիա>> օրաթերթին հասած տեղեկութիւններուն՝ ասորիներու պատրիարքութիւնը Հասաքէի ասորիները առեւանգած զինեալներուն հետ կապ հաստատած է՝ առեւանգեալներու ազատ արձակման հարցով, եւ բոլոր կրօնաւորներէն պահանջած է ներկայիս այդ առնչութեամբ յայտարարութիւններ չկատարել՝ բանակցութիւններու ընթացքին վնաս չպատճառելու համար: Օրաթերթը կը նշէ նաեւ, որ առեւանգեալներու մօտալուտ ազատ արձակման մեծ յոյսեր չկան:

Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը դատապարտեց Հասաքէի մէջ ասորական գիւղերու վրայ <<Իսլամական պետութեան>> յարձակումը եւ պահանջեց անմիջապէս ազատ արձակել առեւանգեալները:

 


comments

Advertisement