Արամ Ա. կը դատապարտէ Ասորիներու առեւանգումը եւ կը հետեւի Հայութեան կացութեան

By Asbarez | Thursday, 26 February 2015

 

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ժընեւ կատարած իր վերջին այցելութենէն վերադարձին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մօտէն հետեւեցաւ Սուրիոյ Հասաքէ շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Արդարեւ, երկու օրեր առաջ իսլամ ծայրայեղականներ յարձակած էին շրջանի ասորի գիւղերուն վրայ, եկեղեցիներ այրած եւ շուրջ հարիւր հոգի առեւանգած:

Փետրուար 26ին, վեհափառ հայրապետին այցելեց Լեռնալիբանանի ասորի համայնքի առաջնորդ մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա արքեպիսկոպոսը: Ան տեղեակ պահեց վեհափառը շրջանէն ներս ստեղծուած կացութեան մասին եւ յայտնեց, որ շուրջ հինգ հազար ասորիներ հեռացած են իրենց գիւղերէն եւ ապաստանած Գամիշլի: Նորին սրբութիւնը դատապարտեց ասորի գիւղերուն վրայ ծայրայեղականներու կողմէ կատարուած յարձակումը եւ ասորիներու առեւանգումը՝ շեշտելով միջքրիստոնէական գործակցութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը:

Յիշեալ հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Տէմիրճեան: Ան, մնայուն կապի մէջ ըլլալով Հալէպի մեր համայնքի պատասխանատուներուն հետ՝ վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց յատկապէս Գամիշլիի մէջ տիրող ընդհանուր մտահոգութիւններուն մասին: Վեհափառը ու Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը հետեւողական կերպով կը հետեւին ընդհանրապէս Սուրիայէն ներս տիրող զարգացումներուն եւ իրենց առաւելագոյնը կ՛ընեն՝ օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

 


comments

Advertisement