Գըրգ Գըրգորեան կը ծրագրէ ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ արտադրել

By Asbarez | Thursday, 26 February 2015

 

ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- <<Շօպիզ 411>> կայքի լրագրող Ռաճըր Ֆրիտմըն Փետրուար 26ին հաղորադած է, թէ ոչ ամբողջական տեղեկութիւններ ունի միլիառատէր բարերար Գըրգ Գըրգորեանի կողմէ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր մը արտադրելու ծրագիրին մասին։


Ըստ անոր՝ արդէն իսկ <<Օսքար>>ի թեկնածու դարձած բեմադրիչ մը եւ բեմագիր մը համաձայնութիւններ ստորագրած են՝ նշեալ ֆիլմին վրայ աշխատելու շուրջ։ Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզած բեմադրիչը ըսած է, թէ կը ծրագրուի <<Շինտլըրզ Լիս>>չի, <<Ռետզ>>ի կամ <<Տաքթըր Ժիվակօ>>ի նման ֆիլմ մը արտադրել՝ աւելցնելով, որ կարգ մը դերասաններու անունները վերջնականանալու վրայ են։

Կ՛ակնկալուի, որ նկարահանումները Եւրոպայի մէջ սկսին յառաջիկայ ամրան։

 


comments

Advertisement