Լիպերման կը քննադատուի Ատրպէյճանական ապաքարոզչութեան ծուղակը ինկած ըլլալուն համար

By Asbarez | Thursday, 26 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ.- <<Անյարիր է, որ որեւէ քաղաքական գործիչ կարող է թոյլ տալ՝ իրեն ներքաշել ատրպէյճանական էժանագին քարոզչական շահարկումների մէջ>>, <<Արմէնփրէս>>ին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան՝ անդրադառնալով Խոջալուի դէպքերուն նուիրուած միջոցառման մասնակցելու մասին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպերմանի որոշումին։

Արդարեւ, Փետրուար 25ին, Լիպերման մասնակցած էր Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած <<Արդարութիւն Խոջալուի>> ապաքարոզչական ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Իսրայէլ-Ատրպէյճան միջազգային միութեան կողմէ։ Իր խօսքին մէջ, Լիպերման ըսած է. <<Մարդկութեան պատմութիւնը լեցուն է ողբերգութիւններով, որոնք պէտք չէ մոռցուին։ Սակայն, դժբախտաբար, ոչ բոլորը կը յիշեն եւ դասեր կը քաղեն անոնցմէ։ Հոս կը գտնուինք Իսրայէլի փորձառութիւնը միացնելու համար Ատրպէյճանի փորձառութեան, որպէսզի կանխարգիլենք նման ողբերգութիւններու կրկնութիւնը։

Միջոցառման ներկայ եղած է նաեւ իսրայէլացի երեսփոխան եւ Իսրայէլ-Ատրպէյճան միջազգային միութեան նախագահ Ալէք Միլըր։

 


comments

Advertisement