By Asbarez | Thursday, 26 February 2015
Թուրքիոյ մէջ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան (CHP) երեսփոխան Այքութ Էրտողտու, որ նոյն կուսակցութեան կաշառակերութեան եւ ապօրինի այլ գործառնութիւններու դէմ պայքարի միաւորի պետն է, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (AKP) կուսակցութիւնը 65.4 միլիոն տոլար վճարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հրէական լոպիի 19 կազմակերպութիւններու:
Ըստ Էրտողտուի՝ հարցը հոն է, որ իշխող կուսակցութիւնը, ընտրական շահերու մտահոգութեամբ մինչ Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի հանդէպ ուղղակի եւ հրեայ համայնքին հանդէպ հազիւ թէ թաքնուած թշնամական կեցուածք կը ցուցաբերէ, անդին նման գումարներ վճարելով՝ հրէական լոպիին մօտ կը փորձէ ցոյց տալ բոլորովին տարբեր երես մը ու սիրաշահիլ զայն: Աւելի ուշ, Էրտողտու <<Թուիթըր>> ընկերային ցանցին վրայ փաստաթուղթեր ներկայացուցած է այդ մասին:
Վստահաբար <<մէկ քարով երկու թռչուն>>ի միտում մը կայ թրքական իշխանութեան այս քայլի ետին, եւ չակնարկուած <<թռչուն>>ը անկասկած գլխաւոր թիրախն է եւ ոչ ակնարկուածը: Վճարած այդ միլիոն տոլարներով Թուրքիա կ՛ուզէ անպայման քիչ մը աւելի հանգիստ քուն քնանալ, երբ Ապրիլ 24ը, մանաւանդ՝ 100ամեակի տարուան, կը մօտենայ, եւ Քոնկրեսի դահլիճներէն կրնան բարձրանալ վտանգաւոր ձայներ, եթէ չգտնուին <<բարեկամ>> միջամտողներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ